2016-07-28 11:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Կրօնի պատերազմ չէ` կայ շահի եւ իշխանութեան ձգտումի պատերազմ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Դէպի Լեհաստան ճանապարհորդութեան ընթացքին,  27 Յուլիս 2016-ին. Ֆրանչիսկոս Պապ, ողջունելով իրեն հետ ճամբորդող լրագրողները եւ մեկնաբանելով Ֆրանսայի Ռուէն Քաղաքի մէջ Հայր Համելի վայրագ սպանութիւնը, հաստատեց թէ աշխարհը պատերազմի մէջ է, եւ այն ինչ որ կ՛ապրինք կրօններու պատերազմ չէ։ Ոչ. կայ անձնական շահերու պատերազմ, կայ դրամի պատերազմ, կայ բնական հարստութեան շահագործումի պատերազմ, կայ ժողովուրդներու վրայ տիրելու պատերազմ. Այս է պատերազմը։ Ոմանք կրնան խորհիլ թէ կը խօսիմ կրօններու պատերազմի մասին։ Ո՛չ բոլոր կրօնները խաղաղութիւն կ՛ուզեն։ Իսկ պատերազմը ուզողները ուրիշներ են'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկելով Ռուէնի արարքին նշեց թէ ''Այս սուրբ քահանան որ մեռաւ մինչ իր աղօթքները կը նուիրէ համայն եկեղեցւոյ միայն մէկ հոգի է, սակայն քանի քրիստոնեաներ, քանի անմեղներ, քանի մանուկներ կը զոհուին։ Մտաբերենք Նիճերիան։ Վախ չունենանք ճշմարտութիւնը ըսելու, աշխարհը պատերազմի մէջ է որովհետեւ կորսնցուց խաղաղութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Պապը հուսկ խօսելով ԵՀՕ մասին հաստատեց թէ երիտասարդութիւն կը նշանակէ յոյս։ Կը մաղթեմ որ երիտասարդները մեզի ըսեն խօսքեր որոնք այս պահուս քիչ մը յոյս ներշնչեն'' ըսաւ Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք ուզեցին իրեն փոխանցել իրենց ցաւակցականը ու յատկապէս Ֆրանսայի նախագահին ''որ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ուզեց հետս հեռաձայնական կապ պահել որպէս եղբայր։ Շնորհակալ եմ Անոր''։








All the contents on this site are copyrighted ©.